ՍՓՅՈՒՌՔԻ ԴՊՐՈՑ

 Պահպանէ՛ լեզուդ, պահպանէ՛ ինքդ քեզ

Գարնանային արեւոտ ու տաքուկ առաւօտներէն մէկն էր․ թուականը 2005։ Վենետիկի Սէն Մարքօ հրապարակէն քալելով դէպի ծովեզերք ուղղուեցանք, որպէսզի փոքր նաւով մը մեկնինք, մերձաւոր ջուրերու մէջ գտնուող Ս․ Ղազար Կղզի։ Տեղ-տեղ զբօսաշրջիկներու ստուար խումբ մը, հրապոյրով կը դիտէր քանդակագործի մը մէկ գլուխ գործոցը, կամ ճամբուն եզերքը նստած՝ գծագրիչի մը արուեստի գործերը։ Անդին, ուրիշ խումբ մը կը հետեւէր զինք առաջնորդող անձին ցուցմունքներուն եւ տեղեկութիւններուն։ Գաղջ զեփիւռ մըն ալ, սուրճի գոլորշիներ կը տարածէր ամենուրէք՝ յիշեցնեով, թէ օրդ կրնաս սկսիլ սուրճ խորհրդանշող յատուկ տարրերով՝ կայտառութեամբ եւ եռանդով։ Ինչպէ՜ս չխանդավառուէի, երբ երկինքն ու ծովը իրենց զուլալ կապոյտով եւ գրկաբաց իրար կ՛ողջագուրէին։ Իսկ կոնտոլաներուն աշխոյժ եռուզերը եւ թիավարողներուն, ալիք առ ալիք տարածուող երգելու ձայնը, որոնց կը միանար գեղեցիկ միջավայրը իր երփներանգ գոյներով, հրաշալի ու ներդաշնակ պատկեր մը կը գծագրէին դիմացս։ Առաւել՝ կը մտածէի, թէ օտար ափերու վրայ պիտի վայելեմ հայ հոգեմտաւոր, մշակութային եւ գրականագիտական կեդրոնի մը փառքն ու շքեղութիւնը։

Քիչ ետք, տասը-տասնհինգ հոգիով, նաւուն վրան էինք արդէն։ Հոս՝ տեղին է յիշել Յովհաննէս Շիրազի բանաստեղծութիւնը Ս․ Ղազարի մասին։

Օտար ջրերում հայացեալ կղզի

Հայոց հին լոյսն է քեզնով նորանում…

Գիտեմ տքնում ես, այս է դարից-դար,

Հայրենիքից դուրս, հայրենեաց համար։

Նաւուն վրայ, օտար պարմանուհի մը գիրք մը կը կարդար եւ թուղթի մը վրայ կը գրէր։ Երբ հասանք նախատեսուած վայրը, բոլորս յառաջացանք նաւուն առջեւի մասը, որ ցամաք իջնենք։ Պարմանուհին նոյնպէս մօտեցաւ, բայց նայուածքը չէր շեղած իր բռնած գիրքէն։ Յանկարծ իր թուղթին վրայ հայերէն տառեր նշմարեցի։ Կէս մը հայ ըլլալու է, խորհեցայ․ թէեւ իր արտաքին երեւոյթը այդպէս չէր յուշէր։ Հետաքրքրութիւնս շարժեցաւ եւ շփոթս փարատելու համար անգլերէն լեզուով հարցուցի, թէ ի՞նչ ազգի կը պատկանի։

— Ես գերմանացի եմ, — ըսաւ անգլերէնով։

— Բայց…հայերէն տառեր կը գրէիր…- ըսի, զարմանքս հազիւ քօղարկելով։

Ան բացատրեց, թէ իր մասնագիտութիւնը աշխարհի պատմութիւնն է, որուն առընթեր սերտած է հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ փափագած է նաեւ հայերէն սորվիլ։ Ապշած էի այս անսպասելի երեւոյթին դիմաց եւ միեւնոյն ատեն հիացած՝ իր նախաձեռնութեան վրայ։ Իրաւունք ունէր․ լեզու մը սորվիլը հիմքն է՝ թափանցելու ամբողջ ազգի մը մտածելակերպին, հոգեբանութեան եւ սկզբունքներու ոլորտներուն մէջ։

Վերադառնանք Լիբանան։ Վերջերս, տղաս ըսաւ․

— Մա՛մ, գիտե՞ս, համալսարանի ընկերս, Շարպէլը, հայերէն կը սորվի, յատուկ դպրոց կ՛երթայ։

— Իրա՞ւ, — ըսի, դարձեալ զարմացած։ 

Իսկ չորս տարի առաջ, երբ հայագիտական դասընթացքներու կը հետեւէի եւ խանդավառ էի իմ նոր «իրագործում»-ովս, որուն ընդմէջէն առաւել եւս ըմբոշխնեցի մեր մայրենիին գեղեցկութիւնն ու ներգործութիւնը մեր կեանքին վրայ, ծանօթ տիկին մը ըսաւ ինծի։

— Լի՛զա, ի՜նչ համբերութիւն ունիս դարձեալ քանի մը ժամ գրասեղանին ետեւ նստելու եւ Հայերէն դաս մտիկ ընելու։ Կ՛երեւի դպրոցական օրերդ կարօտցած ես․․․

Ուրիշ մը՝

-Ինչի՞ պիտի ծառայէ Հայերէնը․․․

Նման արտայայտութիւններ կը լսես եւ կը մտածես, թէ նախընտրելի է չհակազդել։ Շատ անգամ անհնար է անձի մը սխալ կարծիքը ճշտել, գէթ կարճ ժամանակի ընթացքին, երբ այդ սխալը արմատացած է արդէն իր էութեան մէջ։ Ի՞նչ է մեզի հայ պահողը, եթէ ոչ մեր լեզուն։ Այսօր մեր երիտասարդութեան մեծ մասը չի կրնար յստակօրէն արտայայտուիլ իր մայրենիով կամ պզտիկ պարբերութիւն մը անսխալ գրել։ Տակաւին օտար տառեր ալ կ՛օգտագործուին բջիջային հեռախօսի վրայ հայերէն գրելու։ Երբ լեզու մը «մեռնի», աստիճանաբար կը մեռնի այդ ազգին հոգին։ ինչու՞ մենք ալ չփայփայենք ու չխնամենք մեր լեզուն։ Յաճախ օտար բառեր եւ արտայայտութիւններ կը գործածենք, մոռնալով մեր լեզուի յատուկ դարձուածքները։ Լեզու մը լոկ խօսակցութեան կամ հաղորդակցութեան միջոց մը չէ․ ան մեր ինքնութեան հայելին է։ Ելակէտ մըն է ազգի մշակութային եւ մտային բնագաւառներէն ներս մուտք գործելու։ 

Մարդու միտքն ու հոգին «հարուստ» են իր մայրենի լեզուով եւ ինքնութեամբ։ Մեր լեզուն լոյսի շառավիղ մըն է, նամանաւանդ համաշխարհայնացումի թոհ ու բոհին մէջ։ Այո՛, մարտահրաւէրները շատ են․ այլասերումը տարբեր երեսներով իր արմատները կը ծաւալէ ամէն կողմ։ Օտարամոլութիււնը, ազգային գիտակցութեան բացակայութիւնը կ՛օժանդակեն արագ ձուլումի։

Լեզուն մարդուս միտքն ու հոգին կը սնուցանէ։ Եկէ՛ք մասունքի մը պէս պահենք ու պահպանենք զայն։ Եթէ իւրաքանչիւր հայ իր չնչին ներդրումը բերէ մեր լեզուի պահպանման գործընթացին մէջ, մենք ծաղկուն եւ բարգաւաճ ապագայ մը կը կերտենք Հայերէն լեզուի եւ հայապահպանման վեհ առաքելութեան մէջ։


Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան
Լիբանան

Leave a Reply