ՍՓՅՈՒՌՔԻ ԴՊՐՈՑ

Իմ երկրորդ տունս

Լիբանան ծնած եմ, շատ կը սիրեմ ծննդավայրս։ Մեր երկիրը Հայաստանէն փոքր է, ընդամէնը 10.000 քմ:

Մայրաքաղաք Պէյրութը, ուր մեր դպրոցը` Հայ Աւետարանական Գոլէճը, կը գտնուի Պէյրութի արեւելեան շրջանին մէջ, այս օրերուն պատերազմի մէջ է։ Այս տարուայ Փետրուար ամսուան մէջ սկսած պատերազմը տակաւին կը շարունակուէր մեզմէ քիչ մը հեռու շրջաններու մէջ։ Սակայն ապահով թաղերուն մէջ դպրոցները վերստին բացին իրենց դռները։ Մենք նոյնպէս անոնցմէ՝ քանի մը օր ետք սկսանք դպրոց յաճախել։ Մօտ մէկ ամիս տունը մնալէ ետք վերադարձանք դպրոց։ Սա մեզի համար այս տարեշրջանի երկրորդ վերամուտը եղաւ։ Մենք հասկցանք, թէ դպրոց գալը շատ աւելի լաւ ու օգտակար է, քան տունը մնալը։

Առաւօտեան Գոլէճի բակին մէջ բոլոր աշակերտները ուրախ էին, անոնք շատ կարօտցած էին իրենց սիրելի դպրոցը, ուսուցիչներն ու դասընկերները։ Ես մտածեցի, թէ ինչ երջանիկ եմ, որ կը յաճախեմ հայկական դպրոց եւ մանաւանդ՝ Հայ Աւետարանական Գոլէճ։ Մեր ուսուցիչները մեզի լաւ հոգ կը տանին․ մեր դասերը շատ լաւ կը բացատրեն։ Ամէն օր դասերս լաւ պատրաստած դպրոց կու գամ եւ լաւ գնահատականներ կը ստանամ: Դպրոցը ինծի գիտելիքներով կը հարստացնէ։ Իմ դասընկերներս շատ բարի ու քաղաքավարի են։ Անոնք կը յարգեն դպրոցի կանոնները։ Շատ հաճելի է միասին դաս սորվիլ, զբօսանքներուն միասին զրուցել, խաղալ ու վազվզել: Ես շատ ուրախ եմ, որ վերադարձանք դպրոց:

Մենք կ՛ատենք պատերազմը։ Մեր ծննդավայրը թող խաղաղի, որ բոլոր երեխաներն ու պատանիները հանգիստ եւ ուրախ ապրին։

ՍԵՐԵՆԱ ՀԱՒԱՆՃԵԱՆ 
Հայ Աւետարանական Գոլէճի նախակրթարանի Ե դասարանի   աշակերտուհի (11 տարեկան)

Leave a Reply