ՍՓՅՈՒՌՔԻ ԴՊՐՈՑ

Մեր ասպարէզը նուիրում կը պահանջէ

Զարմինէ Կանաչյանը  Սփյուռքի լավագույն ուսուցիչներից մեկն է, որ իր ողջ եռանդը նվիրաբերում է հայերենը Սփյուռքում տարածելու գործին։ Ուզում  ենք ձեզ ծանոթացնել նրա համեստ ինքնակենսագրությանը։

Զարմինէ Պօղոսի Կանաչեան 
(Zarmine Boghos Kananjian)

Ծնած եմ 1960, Յուլիս 13-ին Պէյրութ։ Հասակ առած եմ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի հայկական թաղամասերէն Հաճընի մէջ։ Իմ նախնիներս` հօրս ու մօրս կողմէ հաճընցի են` Կիլիկիոյ Հաճըն քաղաքէն ներգաղթած։

Նախնական ուսումս ստացած եմ Հաճըն թաղամասի Սահակեան Լիսէ դպրոցէն, որուն տնօրէնն էր մտաւորական եւ մանկավարժ՝ Բենիամին Ժամկոչեան։ Ապա երբ 7-րդ դասարան էի, մեր դպրոցը վերակառուցուեցաւ եւ կոչուեցաւ Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճ, իսկ օտար լեզուն փոխուեցաւ ֆրանսերէնէն անգլերէնի։ Այստեղ ունեցայ նոր տնօրէն` մտաւորական, սփիւռքահայ գրող, խմբագիր, բանաստեղծ եւ մանկավարժ Պէպօ Սիմոնեան։ Աւարտական 10-րդ դասարան էի, երբ յաճախեցի Հ․Բ․Ը․Մ․-ի Դարուհի Յակոբեան վարժարան։

Տնօրէնս` Պէպօ Սիմոնեան, զիս քաջալերեց, որ մեկնիմ հայրենիք՝ բարձրագոյն ուսում ստանալու։ Մեր փափաքը կատարուեցաւ եւ բարձրագոյն  ուսումս  ստացայ մայր հայրենիքի   մէջ։  1980-1986 տարիներուն յաճախած եմ Երեւանի Պետական  համալսարան եւ ստացած Բանասիրութեան Մագիստրոս վկայական հայոց  լեզուի եւ գրականութեան բաժինէն։ Նոյն  համալսարանին  մէջ  1984-1986թ  հետեւած եմ նաեւ հասարակական մասնագիտութիւններու արուեստի պատմութեան ճիւղին եւ վկայուած եմ 1986-ին`  ստանալով արուեստագետի կոչում։ Համալսարանի մէջ մեզի դասաւանդեցին մեծարժէք դասախօսներ` Չրպաշեան, Ջահուկեան, Աղայեան, Իշխանեան, Գարեգինեան, Թամրազեան եւ շատ ուրիշներ։

Համալսարանը աւարտելէս ետք վերադարձած եմ Լիբանան։ Իբրեւ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ՝ պաշտօնաւարած եմ հինգ տարի Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի մէջ։ Գիտակից էի, թէ մենք գործ ունինք հայ փոքրիքներու եւ պատանիներու հետ, որոնք պիտի դառնան մեր վաղուան սերունդը․ ուստի մեր պարտականութիւնն է, իբրեւ  հայ  վարժարանի հայրենասէր դաստիարակ ուսուցիչներ, անոնց  լաւ  ուսում ջամբել, ազգային  շունչով   դաստիարակել,   զարգացնել  եւ  կրթել։ Ջանալ հայ  աշակերտը կապել իր հարուստ  մշակոյթին, որպէսզի հպարտ զգայ իր հայկական արմատով, մշակոյթով եւ պատմութեամբ, զարգացնել անոր քննադատական մտածողութիւնը, որպէսզի լաւ իւրացնէ իր մայրենի լեզուն, ուսումնասիրէ իր դարաւոր պատմութիւնը եւ տէր կանգնի իր Ազգային արժէքներուն։

Տարի մը Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի մէջ օտարներուն հայերէն լեզու դասաւանդած եմ։ Ինչպէս նաեւ հայկական օրաթերթերու մէջ (Ազդակ, Արարատ, Զարթօնք) կը ստորագրեմ յօդուածներ։ Քաջալերած  եմ  ու կը քաջալերեմ աշակերտներուս,  որ  գրելու  փորձեր կատարեն։

Ազգ․ Ռուբինեան Ս․Մեսրոպեան վարժարանի մէջ ուսուցչութիւն ըրած եմ եօթը տարի (2010-2017թ․)։ Աշակերտներս 6-11 տարեկան էին։ Կը դասաւանդէի նաեւ  Հայոց Պատմութիւն, Կրօն եւ Հայաստանի աշխարհագրութիւն։ Բոլոր ատենամարզանքներու  եւ ամավերջի հանդէսներուն թղթակցութիւնները  կը գրէի։

Աշակերտներուս համար գրած եմ մանկական բանաստեծութիւններ. Լիբանանին, Հայ մօր, Քաջն Վարդանին  նուիրուած․․․։

2017թ․ եօթը ազգային վարժարաններ միացուցին։ Մեր վարժարանն ալ փակեց իր դռները։ Ուստի ես անմիջապէս ընդունուեցայ Հայ Աւետարանական Գոլէճ և մինչեւ օրս հոն կը պաշտօնավարեմ։ Մեր գոլէճը 2023-ին մեծ շուքով տօնեց իր հիմնադրութեան 100 -ամեակը։ Սկիզբը դպրոց յաճախած են եղեռնէն ողջ մնացած որբեր, ապա աստիճանաբար գոլէճը դարձած է գաղութի լաւագոյն հայկական երկրորդական գոլէճը։ Մեծ թիւով շրջանաւարտներ տուած է, որոնք աշխարհով մէկ սփռուած եւ լաւ դիրքերու տէր են։

Պատմաբան դոկտ․ Զաւէն Մսըրլեան գոլէճի տնօրէնի պաշտօնը կատարած է յիսուն տարի եւ զինք մեծ հանդիսութեամբ պարգեւատրած են եւ նշանակած՝ Պատուոյ Տնօրէն։ 2017թուականէն ի վեր դոկտ․Արմէն Իւրնէշլեան (ԵՊՀ-էն շրջանաւարտ, հայագէտ, բանասէր․․․) կը կատարէ տնօրէնի պաշտօնը։ Ան նաեւ կը դասաւանդէ մեր գոլէճին եւ Հայկազեան համալսարանին մէջ։ Գոլէճը ունի նաեւ երկու հայոց լեզուի ուսուցչուհի։ Անոնք հետեւած են մանկավարժական եւ հայագիտական դասընթացներու։ Տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու գոլէճի խնամակալութիւնը սերտ կապի մէջ են եւ իրար ձեռք մեկնելով` դպրոցի աշխատանքները առաջ կը տանին եւ յաջողութիւններու կ’առաջնորդեն։

Աւարտեցի եւ եկայ իմ ծննդավայրս։ Ուրախ էի, որ վկայական ստացած կու գայի միանալու ծնողքիս ու ընտանիքիս։ Առաջին աշխատանքային օրս Սահակեան Լ․ Մկրտիչեան Գոլէճին մէջ շատ հանգիստ էի եւ հաճոյքով գացի դպրոց, որովհետեւ միջավայրը հարազատ էր․ իմ աւարտած դպրոցս էր, եւ ուսուցիչներն ալ ծանօթ էին։ Մեր ասպարէզը նուիրում կը պահանջէ, չի նմանիր ուրիշ աշխատանքի․ սուրբ գործ է լաւ հայ ու լաւ քաղաքացի պատրաստելը։

Հայ Աւետարանական Գոլէճը ունեցած է տարեկան մինչեւ 800-900 աշակերտ, սակայն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բաւական տուժած ու քանդուած է դպրոցը, նաեւ աշակերտութեան թիւը՝ որոշ չափով նուազած։ Մեծ ջանքերով մեր գոլէճը կը գոյատեւէ։ Ամէն տարի պետական քննութիւններու յաջողութիւնը հարիւր առ հարիւր է։ Մեր գոլէճը կը համարուի Սփիւռքի լաւագոյն հայկական դպրոցներէն մէկը։

Սփիւռքի մէջ այս օրերուն դիւրին չէ դպրոց պահելը։ Մեր շրջանաւարտները իրենց դպրոցը կ՛ուզեն կանգուն պահել եւ ամէն ջանք կ՛ընեն գոլէճի դռները բաց պահելու համար։ Մենք, որպէս հայոց լեզուի ուսուցիչ, պէտք է ճկուն, հնարամիտ եւ զինուած ըլլանք թարմ մանկավարժական մեթոտաբանութեամբ, ունենանք մասնագիտական հմտութիւններ, կարողանանք արեւմտահայերէնով լեզուն նոր սերունդին լաւ ձեւով դասաւանդել, որպէսզի լեզուի միջոցով հայ պատանին ուսումնասիրէ իր պատմութիւնը եւ իմանայ իր դարաւոր անցեալի մասին, ճանչնայ ազգային արժէքներն ու հայրենասիրութեամբ տոգորուի։ 

Մասնակցած եմ վերապատրաստման տասնեակ դասընթացներու։ Ունիմ տասնեակ մը վկայագրեր եւ քանի մը շնորհաւորագիր։ Միեւնոյն ժամանակ կարեւոր է զարգացնել քննական մտածողութիւնը, արեւմտահայերէնի լեզուական, մշակութային եւ վերլուծողական կարողութիւնները։

Բնաւ չարտայայտուինք հայերէնի համար որպէս գանձ, որ պիտի պահպանենք, այլ գործածելով աւելի փայլեցնենք։ Հայերէնը գիրքի լեզու ըլլալէ պէտք է դադրի եւ դառնայ առօրեայ գործածական լեզու` պահելով իր արժէքը։

Զարմինէն նաև  ստեղծագործող ուսուցիչ է, ներկայացնում ենք նրա ստեղծագործությունները։

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԱՍՊԵՏՆԵՐ

Վարդանա՜նց  ասպետներ,

Աւարայրի՜ հերոսներ,

Մենք չենք մոռնար քաջութիւնը ձեր․

Մենք` Վարդանի ժառանգներ,

Վանքերու պէս միշտ յաւերժ,

Հոգիով միշտ հայ ենք մենք,

Դարաւոր ենք Մասիսի պէս։

2015թ․

ՄԱՅՐ ԻՄ

Երբ կ՛արթննամ, մայր իմ քու քաղցր ժպիտով,

Զիս կը գրկես գուրգուրանքով, քու տաք շունչով։

Մինչ գիշերը մեղմ ու քնքուշ երգերովդ,

Զիս քուն կ՛առաջնորդես սուրբ աղօթքներովդ։

Մայր՝ դուն տիեզերքի հզօրագոյն ուժն ես,

Սրտես բխած սիրոյ ամենաքաղցրն ես,

Բարի, սիրալիր, վեհ ու քաղցրահոգի ես,

  Արտասանած բառերուս ջերմագոյնն ես։

Մա՜յր, իմ պահապանն ես, կեանքիս խորհուրդը,

Ջերմ ու անկեղծ սիրով իմ հոգու պաշտպանը,

Կեանքդ ըլլայ խաղաղ, առանց ցաւ ու երջանիկ,

Յարգանք քեզ ու ողջ մայրերուն քաղցրիկ։

2015թ.

Leave a Reply