Հաճընը եւ Հաճընցիները
Հաճընը պատմական Կիլիկիոյ շէն քաղաքներէն էր, որ թէեւ ենթարկուած էր 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն եւ կորսընցուցած 30 հազար հայ, սակայն Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին 8000 հաճընցիներ, ֆրանսական ուժերուն վստահելով կը վերադառնան իրենց հայրենի բնօրրանը: Ցաւալիօրէն 1920-ի սկիզբին, հաճընցիները իրենց կեանքն ու քաղաքը պաշտպանելու համար քեմալական ուժին դէմ 8 ամիս սուր պայքար կը մղեն, սակայն ուժերը անհաւասար ըլլալուն՝ Հաճընը կ՛իյնայ, որուն բնակիչներէն կը փրկուին ընդամէնը 365 հոգի:
Հօրս՝ Պօղոս Կարապետ Կանաչեանի գերդաստանը կը փրկուի, որովհետեւ կռիւներէն առաջ դուրս եկած էր Հաճընէն։

Հօրս մեծ հայրը՝ Թորոս Պապահէքեան անուանի ճարտարապետ էր․ կառուցած էր շատ մը կամուրջներ։ Թուրք կառավարիչը իրեն կ՛իմացնէ, որ երկրէն հեռանայ, որովհետեւ վտանգ կը սպառնայ հայերուն։ Անոնք կը հեռանան շրջանէն եւ կը հաստատուին Սուրիոյ Ճէրէմէնէ շրջանը: Այնտեղ տուն կը վարձեն եւ բոլորը միասին կը բնակին։
Շուտով Թորոս ճարտարապետին գետին վրայ կամուրջ շինելու գործ կ՛առաջարկեն։ Սակայն այդ գործին մէջ կը հիւանդանայ ու կը մահանայ։ Հօրս մօրեղբայրն ու հայրը զինուոր կ՛ըլլան։ Հայրը ատաղձագործ ըլլալուն խոհանոցի իրեր կը շինէ, տեղացի արաբներուն կը ծախէ եւ բաւական դրամ կը շահի։ 1925 թ․, երբ Սուրիոյ մէջ կռիւ կը սկսի, անոնք Պէյրութ կը տեղափոխուին։ Հօրս մօրեղբայրը՝ Ազարիա Պապահէքեան, ով «Նոր Հաճըն» ամսագրի երկարամեայ տնօրէնն ու խմբագիրը եղած է՝ Լիբանանէն ալ Արժանթին գաղթած է)։
1928-ին հօրս ծնողքն ալ կ՛որոշէ Արժանթին երթալ, սակայն երբ հոն կը հասնին, բոլորը ետ կը վերադառնան աչքի հիւանդութեան պատճառով։ Վերադառնալնէն քանի մը ամիս ետք հայրս կը ծնի։
Հայ գաղթականները հասած են Լիբանան եւ մեծ դժուարութեան՝ մատնուած։ Լիբանանի լեզուն արաբերէն էր․ մշակոյթն ու սովորութիւնները՝ տարբեր: Սկիզբը բնակած են երկու կողմերէն տախտակով կառուցուած, առաստաղը թիթեղածածկ խրճիթներու մէջ, որոնք իրարու փակած տնակներ էին:
Հաճընցիները Քարանթինայի թիթեղաշէն տնակներու մէջ յարմարուած էին։ Ընտանիքները երբ վիճակով քիչ մը լաւացան, Հաճըն թաղէն իրենց տրամադրուած հողամասերու վրայ քարաշէն փոքր տուներ սկսան շինել։ Քարանթինայի մեծ հրթեհէն ետք անոնք կը տեղափոխուին Հաճըն։ Այդպէս ալ գաղթականները կը հիմնեն՝ նորաստեղծ Նոր Սիս, Նոր Հաճըն, Նոր Մարաշ, Նոր Ատանա եւ այլ թաղամասերը։ Նոր Հաճըն թաղամասը ինքնաբաւ էր եւ բնակչութեան 95 տոկոսը հաճընցիներ էին: Ունէր 3 դպրոց՝ Ազգ․ Սահակ Մեսրոպեան, Սահակեան Լիսէ եւ Հայ Աւետ․ Կերթմէնեան վարժարանները, Ս.Գէորգ եկեղեցին, բժիշկ, դեղատուն, գրատուն, արհեստաւորներ․․․։
Բնակիչներու մեծ մասը կը խօսէին հաճնոյ բարբառ: Բոլորը իրար կը ճանչնային եւ շատեր ալ իրարու ազգական էին։ Հօրս գերդաստանը, երբ իրենց միայարկանի քարաշէն տունը կ՛աւարտի, ընտանիքով շուտով կը տեղափոխուին Հաճըն։ (Հայր, մայր եւ չորս զաւակ)։ Մեծ հայրս՝ Կարապետ Կանաչեան, Թուրքիայէն արաբերէն գիտնալուն պատճառով կ՛աշխատի ընկերութիւն մէջ։ Մեծ մայրս Զարդար Պապահէքեան երկար տարիներ Հաճնոյ Ս ․Գէորգ եկեղեցւոյ Տիկնաց Յանձնախումբին մաս կազմած է։ Անոնք արկածի մը պատճառով՝ կը կորսնցնեն իրենց 14 տարեկան անդրանիկ որդին՝ Յակոբը։ Հայրս Սահակեան Լիսէ դպրոցը (կառուցուած 1923-ին) աւարտելէն ետք գործի լծուած էր։ Վարպետ արհեստաւոր էր եւ մինչեւ կեանքէն հեռանալը` 88 տարեկան, Հաճըն թաղի իր արհեստանոցին մէջ աշխատած է։ Երկար տարիներ ծառայած է եկեղեցիին, իբրեւ թաղական, նաեւ եղած է՝ միութենական։ Ան բոլորէն յարգուած էր։ Իր զաւակները դաստիարակած էր հայրենասիրական շունչով։
1946-48-ի զանգուածային հայրենադարձութեան օրերուն, մեծ թիւով հաճընցիներ ներգաղթած են Հայաստան, հօրս ընտանիքն ալ կ՛աշխատի գաղթել, բայց չյաջողիր։ Թաղի հայերուն տուներու մէջ կը բնակին տեղացիներ, այդ պատճառով թաղը իր հայկական դիմագիծը մասամբ կը կորսնցնէ։ Կը յիշեմ մեր դրացիներուն մեծ մասը արաբներ էին, որոնց հետ բնաւ չենք շաղուած։ Հայրս 1956-ին կ՛ամուսնանայ հաճընցի Կարապետ Լերանեանի (Հաճնոյ հերոսամարտին մասնակցած) դստեր՝ Ովսաննայի հետ։ Անոնք ընտանիքով Յորդանանէն եկած էին Հայաստան ներգաղթելու համար։ Ես կը հպարտանայի իմ մեծ հօրս կատարած քաջութիւններով (եղած էր ֆէտայի, ապա Անգլիական եւ ֆրանսական զինուոր), նաեւ մասնագէտ կալայագործ էր)։
Ունեցած եմ 2 հօրաքոյր, 4 մօրեղբայր եւ մէկ մօրաքոյր։ Պօղոս եւ Ովսաննա Կանաչեաններու առաջնեկն եմ։ Հօրս փափաքին համաձայն՝ քոյրս, եղբայրս ու ես նոյնպէս յաճախած ենք Սահակեան Լիսէ դպրոցը։ Ունիմ բարձրագոյն կրթութիւն ԵՊՀ-էն։ Ամուսնացած եմ Հաճընցի պղնձագործ Էմանուէլ Գրիգոր Ասմինեանի հետ, որ նոնպէս երկար տարիներ ծառայած է Հաճնոյ Ս․Գէորգ եկեղեցիին։ Ունեցած եմ 3 զաւակ աղջիկ մը եւ երկու տղայ։ Ծառայած եմ թաղիս Ս․Գէորգ եկեղեցիին․ եղած եմ դպրուհի, Կիրակնօրեայի աշակերտ եւ ապա ուսուցչուհի։ Եղած եմ Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամ․ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչութեան անդամ․ 3 զաւակներս ալ հայկական մարմնամարզական Միութիւններու փողերախմբերու մաս կազմած են։ Եղած են պիոնէր։ Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի եմ։ Աշխատած եմ երեք հայկական դպրոցներէ ներս։ Սահակեան Լ․ Մ․ Գոլէճ, Ազգ․ Ս․ Մեսրոպեան վարժարան, եւ Հայ Աւետարանական Գոլէճ։
Քոյրս աչքի մասնագէտ է, կ՛աշխատի հիւանդանոցի մէջ (Շուէտ)։ Ունի 2 զաւակ։ Եղբայրս արհեստաւոր է եւ ունի 2 զաւակ։
Յուշեր եւ Ինքնութիւն
Փոքր տարիքէս ներշնչուած եմ հաճնցիութեամբ։ Մեծ հօրմէս Կարապետ Լերանեան, (մօրս կողմէ) լսած եմ Հաճնոյ հերոսամարտի մասին։ Ան 20 ամեայ երիտասարդ էր հաճնոյ հերոսամարտի ժամանակ․ ով կորսնցնելով, կին զաւակ, ծնողք, քրոջ ընտանիք՝ քաջաբար կռուած է թշնամիին դէմ եւ պատանի եղբօրն ալ, գաղթի ճանապարհին գտնելով միասնաբար հասած են Սուրիա, ապա Լիբանան։ Մեծ հայրս որպէս ականատես պատմած է մեզի իր գլուխէն անցածը։ Լսելով ցաւալի պատմութիւնները՝ տառապած եմ ազգիս ճակատագրին համար։ Սկսած եմ պատանի հասակէս պատկերացնել Հաճընը իր լեռներով ու դաշտերով եւ յաճախ ներքուստ կրկնած եմ, արդեօ՞ք օր մը պիտի կարենամ իմ աչքերով տեսնել իմ պապենական հողը։ Հիմա գիտեմ, որ կարելի է երթալ եւ տեսնել այդ շրջանները, սակայն ես բնաւ չեմ փափաքիր թուրքիա ոտք դնել։ Հպարտ հայ եմ եւ հայ անունը միշտ բարձր պիտի պահեմ։
Զարմինէ Պօղոսի Կանաչեան

Leave a Reply