ՍՓՅՈՒՌՔԻ ԴՊՐՈՑ

«Կանգ մի՛ առներ, երիվա՛ր, Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»։

— Տիկի՛ն Նայիրի, խնդրում եմ, համառոտ ներկայացրեք Ձեր անցած ճանապարհը։

— Ծնած եմ Հալէպ, աւանդապահ եւ շատ հայրենասէր ընտանիքէ մը ներս․ մեծ հայրս քահանայ էր եւ ես մեծ հօրս միակ տղան, միակ զաւակն էի։ Ես անոր միայն պատմութիւններով եւ յիշողութիւններով կը ճանչնամ, սակայն միշտ ջանացած եմ արժանի ըլլալ անոր։

Մեր հիւրասենեակի պատին վրայ դրուած էր Մայր Հայաստանի նկարը, որուն վրայ գրուած էր «Կեցցէ Միացեալ Անկախ Հայաստան», որը Հայ Բարեգործական Միութիւնը 1929-ին երկու տարեկան հօրս համար ղրկած էր։

Մեր տանը շատ Հայերէն գիրքեր կային, որոնցմէ մեծ մասը մինչեւ 13 տարեկանիս արդէն կարդացած էի։  Նախնական կրթութիւնս ստացած եմ Ազգային Զաւարեան Վարժարանի մէջ, եւ երբ Լիբանան փոխադրուեցանք՝ Ազգային Չաթալպաշեան վարժարան։  Եղած եմ Հայ Օգնութեան Միութեան Արծուիկ (պիոներ), ուր զարգացած է իմ Յեղափոխական Ազգային երգերու  գիտութիւնս։  Մեր ընտանիքի երգը «Ձայն Մը Հնչեց Էրզրումէն» է, որը իմ մեծ հօրս երգն էր։

Նախակրթարաններս․ Ազգային վարժարան, ապա բարձրագոյն Վարժարան՝ Հայ Աւետարանական Գոլէճ։  Հայագիտութիւն ըրած եմ Ֆրանսական Սէն Ճոզէֆ Համալսարանը, տնօրէն եւ ուսուցիչ ունենալով Հայ Գոլվենպախը, որմէ ետք պաշտօնավարած Հայ Աւետարանական Գոլէճէն ներս։  Ամուսնացած եւ 3 տարի ապրած Գերմանիա եւ ապա փոխադրուած Ամերիկա՝ Ֆիլատելֆիա։

Բախտաւոր եմ, որ շատ լաւ ուսուցիչներ ունեցած եմ, մանկապարտէզ՝ Օրդ․ Սիրարփին, ուսուցիչներ, Պրն․ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը, Պրն․ Երուանդ Քասունին, տնօրէններ, Ղազար Չարըխը, Երուանդ Տէմիրճեանն ու Զաւէն Մսրլեանը։

Պաշտօնավարած եմ Հայ Քոյրերու Վարժարան, որպէս աւագ ուսուցչուհի եւ Ազգային Հայկազեան Միօրեայ վարժարանէն, որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն։ Ծառայած եմ Ուսումնական Խորհուրդի մէջ որպէս Ատենապետ եւ մէկ տարի եղած եմ Գործադիր Քարտուղարուհին։ Աւելի քան 40 տարի եղած եմ Հայ Օգնութեան Միութեան ընկերուհի եւ այժմ ՀՕՄ-ի Կեդրոնականի քարտուղարուհին եմ։

Ամուսնացած եմ, ինծի պէս հայրենասէր Ասպետին հետ։  Ունինք աղջիկ մը՝ Սօնան եւ մանչ մը՝ Պօղոսը եւ 6 թոռնիկներ, 5 մանչ եւ 1 աղջիկ։

— Ուսուցչի մասնագիտությունը Ձեզ համար գիտակցված ընտրությո՞ւն էր, թե՞ հոգու զգայական մղում։

— Ես մանկութենէս Հայերէն լեզուն եւ Հայոց Պատմութիւնը շատ կը սիրէի եւ անոր համար որոշեցի Հայերէնի Ուսուցչուհի ըլլալ, որպէսզի իմ Հայերէնի եւ Հայոց Պատմութեան սէրս փոխանցեմ իմ աշակերտներուս։

— Կրթության ոլորտում ո՞րն եք համարում  էական առաջմղիչ ուժը։

— Սէրը՝ հանդէպ իր աշակերտներուն, Արդարութիւնն ու սորվելու սէրը ըստ ինծի Հայերէնի ուսուցչուհիի մը ամենակարեւոր արժանիքները պէտք է ըլլան։ Ան պէտք է ըլլայ համեստ սակայն հպարտ իր փոխանցած գիտելիքներով եւ պատրաստած ապագայ առաջնորդներով։ Աշակերտը պէտք է կարենայ զգալ ու տեսնել ուսուցիչին սէրն ու հաւատքը մեր լեզուին, պատմութեան եւ Հայու Տիպարին։ Ուսուցիչը շատ արդար պէտք է ըլլայ եւ հաւասար սիրէ իր աշակերտները եւ ցոյց տայ․ բոլորն ալ իր զաւակներն են։ 

— Ինչպիսի՞ մարդ եք երազում ձևավորել Ձեր իրականացրած կրթության և դաստիարակության արդյունքում։ 

— Կ՛երազեմ կերտել տիպար, հայրենասէր, հայկական արժէքները յարգող ընտանիքի եւ հայրենիքի արժէքը գիտցող աշակերտներ, որոնք արժանի պիտի ըլլան մեր Ազգի Առաջնորդները ըլլալու։ Մեր գերագոյն առաքելութիւնը վաղուայ Հայ Ժողովուրդի արժանաւայել առաջնորդը պատրաստելն է։  Ես կը հաւատամ, որ որպէս Հայերէնի ուսուցիչներ, վաղը մենք մեր Ազգին պատասխան պիտի տանք։  Մեր պատրաստած առաջնորդները, մեզ կը ցոլացնեն։  Չենք ուզեր ձախողիլ, որովհետեւ վերջապէս Հայն ու Հայաստանն է մեր կորսնցնելիքը, որ մեր գոյութեան պատճառն է։ Հեշտ չէ, բայց ուրախ եմ ըսելու, որ կարելի է։  Իմ Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտներս, այսօր մեր գաղութի մշակութային, եկեղեցական, ընկերային, բարեգործական եւ կուսակցական առաջնորդներն են։  Հիմա պիտի  փորձեմ ուսուցիչ պատրաստել։

— Ինչպիսի՞ մեթոդներով և շարժառիթներով եք կարողանում գրավել երեխային դեպի հայեցի կրթություն։

— Աշակերտները պէտք է հետաքրքրել։  Մենք Հայկական Փառատօն կ՛ընէինք։ Նիւթերը՝ նշանաւոր Հայեր, Կազմակերպութիւններ, Կուսակցութիւններ, Հաստատութիւններ։  Այս ձեւով աշակերտը իր սիրած նիւթը կը զատէ, կը սորվի եւ կը սորվեցնէ իր դասընկերներուն։  Կը գործածեն որմազդներ եւ նկարներ։

Գաւառներու Փառատօն կ՛ընէինք․  իւրաքանչիւր աշակերտ գիտէ, թէ ուրկէ են իր արմատները։  Կը զատեն գաւառ մը եւ կը խօսին անոր աշխարհագրութեան սովորութիւններուն, աւանդութիւններուն, երգերուն, պարերուն, բարբառին, նիստ ու կացին, տարազներուն եւ ճաշերուն մասին։  Կը գործածեն որմազդներ, նկարներ, ճաշեր եւ այդ գաւառէն ճողոպրած առարկաներ եւ երբեմն տարազներ։

Ընդհանուր Զարգացման Մրցումներ․ մեծ ծնողները յարգել, հրաւիրել մեծ ծնողները, թոռնիկները կը յարգեն ու կը հիւրասիրեն զանոնք եւ մեծ ծնողներն ալ կը պատմեն իրենց արմատներու պատմութիւնները։

7-րդ դասարանին ՄԱԿ-ի ժողովը կ՛ընէինք եւ իւրաքանչիւր աշակերտ երկիր մը կը ներկայացնէր։  Թէ քաղաքական կերպով մտածել կը սորվէին եւ իրենց համար շատ հետաքրքրական էր։ 8-րդ դասարանին Հայաստանի Կառավարութեան Ընտրութիւնները կ՛ընէին։  Թեկնածուները որմազդեր կը պատրաստէին, նոյնիսկ թխուածքներով կաշառքներ կու տային, որ ընտրուէին։  Ճառեր կը խօսէին իրենց ընելիքներուն մասին եւ քաղաքական հարցումներու կը պատասխանէին։ Ընտրութենէն ետք, երդում կ՛ընէին Արարատի, Դրօշակին եւ Աստուածաշունչին  առջեւ։  Ես շարժերիզի կ՛առնէի եւ իրենք վստահ էին, որ ես օր մը պիտի հարցնէի, թէ ինչպէս օգնած ու ծառայած են իրենց Ազգին ու Հայրենիքին։

—Ինչպե՞ս եք մասնակից անում ծնողներին հայկական դպրոցի կյանքին։

— Այս բոլոր ծրագրերուն ծնողները կը հրաւիրուին ու ներկայ կ՛ըլլան։  Ընդհանուր Զարգացման հարցումները միայն աշակերտներուն համար չեն, այլ կ՛ակնկալենք, որ ծնողներն ալ իրենց զաւակներուն օգնած ատեն, իրենք ալ սորվին։ Կամաւոր աշխատանքը քաջալերելի եւ ընդունելի է։  Ծնողներ դպրոցին կ՛օգնեն եւ միշտ շատ մօտ են դպրոցին։  Մեր գաղութն ու դպրոցները փոքր ըլլալուն, բոլոր ծնողները իրարու կը ճանչնան եւ աշակերտները ուշադիր են, որ ամօթ չբերեն իրենց ծնողներուն։

— Որո՞նք են, Ձեր կարծիքով, մեր ժողովրդի այն առանցքային արժեքները, որոնք Դուք անպայման փոխանցում եք աշակերտին։

— Իսկական Հայու նկարագրի մասերն են՝ ազատասիրութիւն, հայրենասիրութիւն, ընտանեկան սրբութիւն, աշխատասիրութիւն, յարգանք։ Հայը Հայուն պէտք է սիրէ ու պաշտպանէ։  Մենք այնքան սակաւաթիւն ենք, որ իւրաքանչիւր Հայու համար պէտք է պայքարինք։  Կուսակցութիւնները զիրար պէտք է յարգեն եւ միասին գործակցին ի շահ  ժողովուրդին ու հայրենիքին։ Ատիկա դպրոցէն ներս ալ կը սորվեցնենք։

— Ի՞նչ եք Դուք դասավանդում. հայրենագիտությո՞ւն, հայոց լեզո՞ւ, հայ գրականությո՞ւն, հայոց պատմությո՞ւն, թե՞ հայ մշակույթ։ 

— Ես բոլորը միասին կը փորձեմ սորվեցնել։

— Ձեր կարծիքով ունի՞ արդյոք մեր ժողովուրդը ազգային այնպիսի սովորություններ, այնպիսի բարոյական նորմեր, որոնք դուք չէիք ցանկանա փոխանցել հաջորդ սերունդներին։

— Օտարին հանդէպ Հայուն սէրն ու յարգանքը  շատ աւելի է քան հայուն հանդէպ։  Օտարամոլ ենք։  Մեր զաւակներուն օտար անուններ կը դնենք եւ անշուշտ օտար ամուսնութիւնները․․․․

Դժբախտաբար շատ հայեր դրամը՝ փողը կը գերադասեն իրենց սկզբունքներէն, սրբութիններէն ու Հայրենիքէն։

— Ձեր կարծիքով, ո՞րն է սփյուռքի դերը հայոց կյանքում։

— Սփիւռքը Փոքր Մասիսն է։  Իւրաքանչիւր ընտանիք, Փոքր Հայաստան մըն է։  Իւրաքանչիւր Հայ իր ծնած օրէն կը պատրաստուի նիւթական եւ բարոյական կերպով սատարել եւ օգնել Հայաստանին։  Սփիւռքի համար Հայաստանին օգնելը իր դպրոցներուն եւ կազմակերպութիւններուն օգնելէն շատ առաջ կու գայ։  Մեր Հայրենիքը սրբութիւն մըն է։  Շատեր Հայաստան կ՝երթան կամաւոր աշխատելու։

— Ինչպե՞ս եք Դուք պատկերացնում Հայաստանի ապագան։

— Հայաստանի Հայուն այսօր ինքնավստահութիւնը կը պակսի։  Պատմութիւնը կը կրկնուի։ Մենք 600 տարի Օսմանցի թուրքին իշխանութեան տակ կորսնցուցած էինք Հայու բոլոր յատկանիշները, մեր  արժանապատուութիւնն ու ինքնավստահութիւնը․․․․ դժբախտաբար այսօր նոյն ճամբուն վրայ ենք ․․․ պէտք է արթննանք, թէ ոչ, մեր հայրենիքը կը կորսնցնենք․․․ թուրքին հետ ապրիլը այքան ալ հեշտ չէ։

Ես ծնած եմ լեզուս եղած է ու է՛ Հայերէն, Կրօնքս՝ Հայ Առաքելական Ս․ Եկեղեցի, դրօշակս եղած է եռագոյնը, օրհներգս՝ մեր Հայրենիքը եւ իմ Գերագոյն Երազս Միացեալ Անկախ Հայաստանն է։  Թշնամիս՝ թուրքը։ Այս արժեքները երբեք չեն փոխուիր։

Իմ նշանաբանս՝ «ԿԱՆԳ ՄԻ ԱՌՆԵՐ ԵՐԻՎԱՐ, ՆՊԱՏԱԿՍ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ»։

Սիրելի՜ ուսուցիչներ, գիտեմ դժուար է, սակայն անկարելի չէ։  Հաւատացէք դուք ձեզի եւ միշտ կարդացէք։ Շնորհակալութիւն։

 Ֆիլադելֆիայի Ազգային Հայկազեան Միօրեայ վարժարանի տնօրեն, երեք գիրքերի հեղինակ, դասախոս, լրագրող, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան քարտուղարուհի  Նայիրի Աղաճանեան Պալանեանի հետ հարցազրույցը վարեց Երազիկ Հարությունյանը

Թողնել պատասխան