Ներքնամփոփ

Այսօր միայն դուրս ելան
Դադրեցան խօսելէ կուրաբար
Ձայները շխրտոցներու
Ոչ ոք կը լսէր որոնք
Իմ մէջ հաւաքուածը
Զիս կը հեգնէին
Ինչ կրնային ըսել կամ ինչեր
Աննպատակ
Սին երազներու
Մանիշակագոյն ալեկոծումներ
Հեռացան գացին անզգալաբար
Ալիքներու նման ժայռերուն զարնուեցան
Կատղած փոթորիկներ
Ի վերջոյ հանգիստ մը
Մեղմօրէն պիտի օրօրէ զիս
Քանի օր
Մէ՞կ-երկո՞ւ
Թէ՞ յաւիտեան
Չըլլայ որ անգամ մըն ալ
Ետ գան ու փոթորկայոյզ լողան
Խոր անդունդի մը մէջ
Ուր հոգիս կը հանգչի
Ու կը խնդան քրքիջներ արձակելով
Սին երազներու փշրուած
Բեկորները տարտղնած
Անհունին մէջ մշտատենչ
Զիս կը կանչեն։
Լեռնա Քարաքութուք, Թուրքիա
Տատեան վարժարանի ուսուցչուհի,
բանաստեղծական ժողովածուների հեղինակ

Թողնել պատասխան