ՍՓՅՈՒՌՔԻ ԴՊՐՈՑ

Անհաւատալի կէս դար ետք հանդիպում 

 

Սահակեան Լիսէի երկարամեայ վաստակաւոր տնօրէն Բենիամին Ժամկոչեանի հետ առաջին հանդիպումս մինչեւ օրս կը յիշեմ: 

 Մեծ մօրս հետ ներկայացայ դպրոց: Տնօրէնը մեզի հրաւիրեց իր գրասենեակը եւ քանի մը հարցում հարցնելէ ետք` զիս արձանագրեց դպրոց:

Յաճախեցի մինչեւ 7֊րդ դասարան։

  Ժամկոչեան մեզի կը դասաւանդէր Կրօն եւ Թուաբանութիւն, նաեւ ամէն առաւօտ մօտ երեսուն վայրկեան իր գլխաւորութեամբ` շուէտական մարզանք կը կատարէինք: 

  Ժամկոչեանի աշակերտները այսօր սփռուած են աշխարհի չորս կողմերը եւ հպարտութեամբ կ’արտայայտուին. «Պատիւ կը զգանք, որ Բենիամին Ժամկոչեանի աշակերտը եղած ենք: Ան մեծ մարդ էր եւ իր բծախնդիր դաստիարակութեամբ դարձանք հայրենասէր հայեր»:

Լիբանանահայութեան համար մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Սահակեան Լիսէն։

Նոյն դպրոցէն շրջանաւարտ եղած էր հայրս: Ան յաճախ կ’արտայայտուէր, թէ դպրոցին մէջ` քոյր-եղբօր պէս մեծցած ենք:

Ան բնաւ չէր մոռնար իր սիրելի դասընկեր Մովսէս Մարգարեանը, որ ներգաղթած էր Հայաստան:

Հայրս կ’ըսէր. «Ուշիմ եւ խելացի էր, պէտք է ուսման մէջ տեղ հասած ըլլայ»: Կ’ափսոսար, որ ինք չէր կրցած շարունակել իր ուսումը. դարձած էր արհեստաւոր՝ վարպետ կօշկակար:

Ան միշտ փառք կուտար Աստուծոյ, որ յարգանք կը վայելէր բոլորին կողմէ

իբրեւ լաւ մարդ եւ յաջող արհեստաւոր:

Ծնած եւ մեծցած էր Հաճըն թաղի իր ծնողքին կառուցած տան մէջ: Ան կապուած եղած է իր թաղին եւ Ս. Գէորգ Եկեղեցիին, գիտակից ըլլալով, որ Սփիւռքի հայապահպանման կարեւոր մէկ օղակը՝ եկեղեցին է, դպրոցի ու միութեան կողքին:

Հաճնոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցիին երկար տարիներ ծառայած էր իբրեւ Թաղական: Ան մօտաւորապէս հինգ տասնամեակ աշխատելով իր փոքրիկ արհեստանոցին մէջ, որ իր երկրորդ տունն էր, ցերեկ ու գիշեր, որպէս հմուտ կօշկակար վարպետօրէն իշխած էր կարի մեքենային, մկրատին ու մուրճին վրայ՝ ապահոված էր ընտանիքին ապրուստը:

Հայրս շատ հանդարտ եւ համբերատար էր։ Քիչ կը պատահէր, որ բարկանար, եթէ իր աշխատանքը անյաջող ընթանար։

Հօրս գործի վայրը, յաճախ կը հանդիպէին բարեկամներ, ազգականներ եւ ընկերներ։ Ամենաուրախալի պահն է, որ վերջին տարիներուն իր արհեստանոցը սկսան այցելել երիտասարդ համալսարանականներ։

Անոնք զինք կը նկարէին իբրեւ հին սերունդի պատկանող արհեստաւոր, նոյնպէս արհեստանոցի չորս պատերը կը նկարէին, ուր զետեղած էր զանազան նկարներ (Սայեաթ Նովա, Կոմիտաս, Շարլ Ազնաւուր, Պարոյր Սեւակ, Դ. Վարուժան, Մհեր Մկրտչեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ.Տ. Գարեգին Առաջին…) կը նկարէին գտնելով` շատ յետաքրքրական։

 Օր մը Հայաստանէն նոր ժամանած տիկին մը գործով կը հանդիպի հօրս արհեստանոցը. Երկար կը զրուցեն։ Յանկարծ հայրս կ’ իմանայ թէ այցելուն կ’ըլլայ իր մանկութեան դասընկերոջ Մովսէս Մարգարեանի քոյրը եւ բաւական տեղեկութիւններ կը քաղէ իր հեռաւոր ընկերոջ մասին։

Հօրս ուրախութեան չափ ու սահման չկար։

Տարիներ ետք, ինչ-որ լուր մը հանգստացուցած էր իր միտքը…

«Մովսէսը դարձեր է դեղագործ,- ասաց ան, երբ երեկոյեան գործէն տուն վերադարձաւ»:

Մտածեցի թէ արդեօք զիրար տեսնելու բախտը պիտի ունենա՞ն:

Քանի մը տարի ետք, երբ ան գլուխը կախած կ’աշխատէր իր աշխատանոցի մէջ` իրեն կը բարեւէ անձ մը, հայրս գլուխը բարձրացնելով երկար կը զննէ օտարականը։

Ան կը հարցնէ. «Ո՞ւր կրնամ գտնել Կարապետ Ճերեճեանը»։ Հայրս կը հարցնէ թէ ինչ կ’ուզէ Կարապետ Ճէրէճեանէն։ Ան կը պատասխանէ թէ Սահակեան Լիսէի դասընկերն էր եւ կ’ուզէ զինք տեսնել։

Հայրս յանկարծ կը ճանչնայ թէ իր դասընկեր` Մովսէսն է դիմացը կանգնողը եւ կ’ըսէ. «Ես ալ քու այն դասընկերդ եմ, որ նոյն նստարանին նստած դաս կ’ընէինք»։

Ես ալ Պօղոսն եմ կ’ըսէ ու երկուքը ամուր կը գիրկընդխառնուին, զիրար երկար կը դիտեն ու կը յիշեն դպրոցական տարիներու գեղեցիկ յուշերը։

Անհաւատալի էր իրենց հետ տեղի ունեցածը, կէս դար զիրար չէին տեսած… եւ կը հանդիպէին։ Մարգարեան աթոռ մը վերցնելով կը նստի հօրս կողքը, հաճելի գեղեցիկ վարկեաններ, երկար կը զրուցեն, կը պատմեն իրար իրենց կեանքի պատմութիւնը։ 

Այդ անմոռանալի հանդիպումը հայրս միշտ կը յիշէր։

 

Զարմինէ Կանաչեան-Ասմինեան

23-1-2015


Թողնել պատասխան